Տեառնընդառաջի նախատօնակ՝ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակի հոգեպարար արարողութիւնը մեծ շուքով նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 04։00-ին։ Սաղմոսասացութիւններու, աղօթասացութիւններու եւ աւետարանական ընթերցանութիւններու աւարտին կատարուեցաւ հոգեպարար աւանդական Անդաստանի արարողութիւնը, որուն աւարտին