Мы в Telegram
Добавить новость
smi24.net
World News in Armenian
Октябрь
2023

Միասնականությունը մեր ազգի կյանքում պետք է դառնա մնայուն ընթացք, որակ, ուղղություն և նպատակ․ Արամ Ա

0

25 Հոկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 07։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի Երջօ Սամուէլեան «Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ երրորդ հանդիպում-զրոյցը, որուն կը մասնակցէին Լիբանանի մէջ գործող կուսակցական ղեկավարութիւնը, միութիւններու, կառոյցներու, կազմակերպութիւններու, կրթական հաստատութիւններու եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները, «Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում» խորագրեալ։ Բարի գալստեան բացման իր խօսքով, առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Գերշ. …

The post Միասնականությունը մեր ազգի կյանքում պետք է դառնա մնայուն ընթացք, որակ, ուղղություն և նպատակ․ Արամ Ա appeared first on ԳԱԼԱ.

25 Հոկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 07։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի Երջօ Սամուէլեան «Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ երրորդ հանդիպում-զրոյցը, որուն կը մասնակցէին Լիբանանի մէջ գործող կուսակցական ղեկավարութիւնը, միութիւններու, կառոյցներու, կազմակերպութիւններու, կրթական հաստատութիւններու եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները, «Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում» խորագրեալ։

Բարի գալստեան բացման իր խօսքով, առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանը դիտել տուաւ, որ այսօր Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ հաւաքուած են մեր այն կառոյցներուն ու մարմիններուն ներկայացուցիչներն ու պատասխանատուները, որոնք բառին ամբողջական իմաստով, մեզի հետ կը կիսեն լիբանանեան կեանքի տեսակաւոր տագնապները եւ իրենց աշխատանքով, մեր համայնական կեանքին որակն ու աշխուժութիւնը կ՚ապահովեն ու քաղաքական դերակատարութեամբ նաեւ լիբանանեան ընկերութեան մօտ մեր ժողովուրդին շահերն ու համայնքային իրաւունքները կը պաշտպանեն։ Առաջնորդ սրբազանը վստահեցուց, որ ծառայութեան դաշտին մէջ մեզի եղող այս կառոյցներն ու միաւորները, լիովին կը բաժնեն Սփիւռքի նկատմամբ Վեհափառ Հօր ունեցած մտահոգութիւնները եւ կը ցանկան նաեւ իրենց հնարաւորութիւններն ու պարտականութիւնները վերատեսութեան ենթարկելով, նոր տեսիլք գտնել, որպէսզի մեզի վիճակուած տագնապալի կեանքի ներկայ պայմաններուն մէջ, աւելի կենսունակ աշխատանքով, նոր պայծառութիւն բերեն իրենց գործին ու մեր համայնական կեանքին։

Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազան հօր հրաւէրով, պաշտօնական խօսք արտասանեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայկական Երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին։ Ան, առաջին հերթին, ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին լիբանանահայութեան հետ ու անոր կողքին ըլլալը` շեշտելով, որ 1978 թուականէն մինչեւ օրս, իբրեւ այս թեմին առաջնորդը ու ապա Կիլիկեան Ս. Աթոռի գահակալը, ան եղած է Լիբանանի մէջ իբրեւ միտք ու բաբախող սիրտ` մնայուն կերպով հետաքրքրուելով գաղութի հարցերով ու տագնապներով։

«Միշտ մնացիք մեզի հետ` Լիբանանը նկատելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կարեւորագոյն սիւներէն մէկը, որուն ոյժն ու կարողականութիւնը դրուած են ի սպաս Անթիլիասի ուժեղացման եւ բարգաւաճման, ի խնդիր համայն հայութեան ծառայութեան։ Մեզի հետ եղաք խաղաղ օրերուն, բայց խաղաղ օրերու զօրակցութիւնը ընդհանրապէս դիւրին կը նկատուի. դժուարը միւսն է` տագնապալի օրերունը։

«Անցնող տարիներուն անվիճելի էր ձեր ներկայութիւնը մեզի հետ ամէնուրեք. պայթում, համաճարակ, տնտեսական-ելեւմտական տագնապ, քաղաքական անկայունութիւն, ընկերային տագնապ։ Դուք ներկայ եղաք ո՛չ միայն քարոզելով կամ պատգամելով, այլ իրական ու գլխագիր գործով, իբրեւ մղիչ ոյժ, կազմակերպող, պահանջող, պատերազմի դաշտ նետուող մարտիկի նման, հասնելով ամէն ճակատ եւ գործնապէս մասնակցելով գոյատեւման պայքարին», ընդգծեց Բագրատունի` միաժամանակ շեշտելով, որ Լիբանանի հայութիւնը միայն երախտապարտ կրնայ ըլլալ Վեհափառ Հօր։

Յ. Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ այն, որ այս երախտապարտութիւնը, սակայն, յօդս կը ցնդի, եթէ պատասխանատուութեան դիրքի վրայ եղողները պարզ գոհունակութիւն ապրին ու չլծուին գաղութի վերակենդանացման ու վերականգնման աշխատանքին։ Այս ծիրին մէջ ան նկատել տուաւ, որ համահայկական առումով դէմ-յանդիման ենք հիասթափութեան, բայց եւ այնպէս համասփիւռքեան առումով հրամայական կը մնայ ընդհանուր զօրաշարժը։ «Մենք Լիբանանի մէջ, իբրեւ ազգային քաղաքական եւ կազմակերպական ներուժ ու կարողականութիւն, պարտինք գտնուիլ այդ զօրաշարժի առաջին շարքին վրայ, նախ վերակազմակերպելով մենք զմեզ, ապա եւ միաժամանակ լծուելով համահայկական զօրաշարժի տեսլականի իրականացման», ըսաւ ան։

Այս բոլորին լոյսին տակ երեսփոխանը շեշտեց, որ այսօր նահանջ կ՚արձանագրուի ամէն օր եւ ամէն տեղ` կը նօսրանայ գաղութը, կ՚օտարանայ հայը՝ հեռանալով հայկական եկեղեցիէն ու դպրոցէն, կը նահանջէ արժէքային համակարգը, կը գաղթէ երիտասարդութիւնը, կը խորանայ անտարբերութիւնը, կ՚արժեզրկուի ամէն աւանդութիւն, կը զարգանայ եսը` քանդելով մենքը, իսկ այս բոլորը կը հասցնեն հայու ինքնութեան կորուստին եւ նոր հայու, այս  պարագային լիբանանահայ նոր ինքնութեան փնտռտուքին։

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչը այս բոլորը յիշելով ու մանրամասնելով՝ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է վերակազմակերպուիլ, առաջքը առնել գաղթին, մարդուժի արտահոսքին, տիրական անտարբերութեան, ազգայինէն հեռանալու եւ համամարդկային էակ դառնալու մտածումին։ Ան շեշտեց, որ լիբանանահայութիւնը որոշած է պահել իր ինքնութիւնը, փրկել մնացածը եւ դարձեալ վերակենդանացնել իր երազն ու պայքարը։ Առ այդ, Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ պէտք է ըլլալ իրապաշտ, տեսնել նորը եւ աւելի լաւը կառուցել, իսկ ատիկա ընելու համար ան անհրաժեշտ նկատեց հետեւեալները.-

ա) գիտնալ ու գնահատել մեր կարելիութիւնները եւ կարողականութիւնները` ընդունելով, որ չենք կրնար ժամանակ եւ նիւթական վատնել։ Քննական մտածողութեամբ եւ գիտական բծախնդրութեամբ անհրաժեշտ է ճշդել մեր կարելիութիւնները, թիւը, մարդուժը, նիւթական աղբիւրները։

բ) Ճշդել նպատակները, վերանայիլ անոնց եւ որոշել թիրախներու հասնելու աշխատելաոճը։ Ընդունելով հանդերձ ներկայի ցաւոտ իրականութիւնը, խիզախութիւնը ունենալ ժամանակաւոր կերպով յստակացնելու կարեւորագոյնը, հիմնականները, առանց որոնց կարելի չէ մեր գաղութը ոտքի պահել։

գ) Ճշդել առաջնահերթութիւնները, յստակացնել մեր կառոյցներուն աշխատանքային թիրախները, նուազեցնել կրկնութիւնները, կատարուող գործը դնել համապատասխան քարոզչական շրջագիծի մէջ՝ առանց ուռուցիկութեան եւ կեղծ հռետորաբանութեան։

դ) Իրականութեան վերածել երիտասարդութեան թէ կնոջական մասնակցութեան խնդիրը` անդին անցնելով կարգախօսերէ կամ պատահականութենէ։ Հոս կայ նաեւ այլ խնդիր. արդեօք գոյութիւն ունի՞ մասնակցութեան, դերակատարութիւն վերցնելու պատրաստակամութիւն, ժամանակէն եւ հաճոյքէն զիջելու պատրաստ մարդուժ։

ե) Վերակազմակերպման անհրաժեշտութիւնը կը պահանջէ նաեւ առաւելագոյն չափով բացուիլ տարբեր շրջանակներու, մտածողութեանց եւ գործելակերպի` միշտ պահելով ազգայինն ու հայկականը, ձգտելով հայկական իրականութեան զարգացման։

Իր խօսքը եզրափակելով՝ Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Կը յուսանք, Վեհափառ Տէր, որ Ձեր հովուապետական այցելութիւնը նոր մղում կու տայ մեր գաղութի վերակազմակերպման։ Վստահ եմ, որ ներկաներէն իւրաքանչիւրը նոր մտածումով, վերանորոգուած հաւատքով, յաւելեալ վճռակամութեամբ, աշխատելու նոր պատրաստակամութեամբ պիտի մեկնի` միշտ յուսալով, որ Ձեր ներկայութիւնն ու հովանին անպակաս կ՚ըլլայ լիբանանահայութան կեանքէն»։

Ապա, Հայրապետական օրհնութեամբ ողջունելէ ետք ներկաները, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց, որ լիբանանահայութեան ղեկավարութիւնը կը գտնուի Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ եւ այդպիսով կը հաստատէ, որ մեր գաղութէն ներս հետզհետէ առաւել եւս կ՚ամրանայ միասնական ոգին, առանց որուն որեւէ նախաձեռնութիւն կամ ծրագիր չի կրնար իր յաջող վախճանին հասնիլ։ Ան մաղթեց, որ միասնականութիւնը, մեր ազգի կեանքէն ներս դառնայ մնայուն ընթացք, որակ, ուղղութիւն եւ նպատակ։

Հայոց Հայրապետը նկատել տուաւ, որ անցնող երկու տարիներուն փորձած է լուսարձակի տակ բերել Սփիւռքի վերականգնումը, վերակազմակերպումը, վերաշխուժացումը, որ տեսական եւ ակադեմական մօտեցում չէր, այլ Սփիւռքը լաւապէս ճանչցած ըլլալով ու համոզուած ըլլալով, որ այլեւ Սփիւռքը չի կրնար շարունակել իր գոյութիւնը այնպէս ինչպէս որ կայ, որովհետեւ կ՚ապրինք արագընթաց եւ արմատական փոփոխութիւնններու ենթակայ աշխարհի մը մէջ։ «Համաշխարհայնացումը մշակոյթ է, մտածելակերպ է, կենցաղակերպ է, գործելակերպ է, որուն մաս կը կազմենք նաեւ մենք եւ այսօր այս բոլորին ազդեցութեան տակ կ՚ապրի Սփիւռքը», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը՝ աւելցնելով, որ այս իրողութեան դիմաց Սփիւռքը չի կրնար իր կեանքը շարունակել անցեալի մտայնութեամբ, անցեալի աւանդութիւններով։ Ան գոհունակութեամբ հաստատեց, որ թեմերուն տուած հովուապետական այցելութեանց ընթացքին, բոլորին մօտ նշմարած է գաղութներու վերաքննութեան, վերաշխուժացումի, վերակազմակերպումի կարիքն ու անյետաձգելի հրամայականը։

Շարունակելով իր խօսքը՝ Նորին Ս. Օծութիւնը դիտել տուաւ, որ գաղութներու միջեւ հասարակաց մտահոգութիւններ, յայտարարներ եւ մօտեցումներ կան, սակայն կան նաեւ հիմնական տարբերութիւններ։ Գաղութները ներքին տարբեր դրուածք, մտայնութիւն ու միջավայր ունին եւ, հետեւաբար, այս տարբելութիւնները կարեւորութեամբ պէտք է նկատի ունենալ եւ հարցերը դիտել իւրաքանչիւր գաղութի շրջագիծէն ներս։ Հայոց Հովուապետը ըսաւ, որ երբ Լիբանանի գաղութին վերակազմակերպման մասին կը խօսինք պէտք է նաեւ նայինք անցեալին, որովհետեւ գաղութը իր ներքին կազմաւորման հոլովոյթը ունեցած է։ Հայրապետը անդրադարձաւ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդին, որ նախ հաստատուեցաւ Լիբանան ու Սուրիա, իր հետ բերելով հաւաքական ու հայրենական յիշողութիւն, որով կարելի է ըսել, թէ Կիլիկիան ու արեւմտեան Հայաստանը իրենց շարունակութիւնը ունեցան Լիբանանի մէջ մինչեւ 1965 թուական, որ դարձակէտ մը եղաւ լիբանանահայ գաղութին։ 1975-էն սկսեալ գաղութը ենթարկուեցաւ յաջորդական տագնապներու, որոնք կը շարունակուին մինչեւ այսօր, դիտել տուաւ Վեհափառը։ Ան հաստատեց, որ լիբանանահայ գաղութը այդ տագնապներուն դիմաց վերականգնումի կամքը, հաւատքը, յոյսը, ներուժը ունեցաւ եւ հաւաքական կամքով յաջողեցաւ ինքզինք վերականգնել։ Հետեւաբար, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ մենք պէտք է մտածենք, թէ ինչպէ՞ս կրնանք լիբանանահայ գաղութը վերականգնումէն առաջնորդել դէպի վերակազմակերպում եւ մեր կառոյցներու վերաշխուժացում ու վերակենսաւորում, համապատասխան ներկայ կեանքի պայմաններու պահանջքներուն եւ սպասումներուն։ Պէտք է իրապաշտ ըլլալ՝ գիտնալով, որ մենք լուրջ դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուինք եւ ինչ որ պիտի ծրագրենք ու վերակազմակերպումի ճիգ իրականացնենք, պէտք է համապատասխանէ գաղութի ներկայ պայմաններուն եւ կարիքներուն։

Դիտել տալով, որ լիբանանահայութիւնը այսօր կարիքը ունինք նոր ռազմավարութեան, նոր մօտեցումներու, նոր առաջնահերթութեանց ճշդումի, նոր օրակարգերու ու նոր ղեկավարներու, Հայրապետը նշեց, թէ վերոնշեալ նապատակները իրականացնելու համար, պէտք է հիմնական երկու համոզումներով առաջնորդուիլ՝ ա) ընդունիլ, որ գաղութին ներկայ գոյավիճակը հրամայական կարիքը ունի վերաքննութեան եւ սա կ՚‏ենթադրէ լուրջ արժեւորում եւ բ) ընդունիլ մեր ունեցած սխալները եւ պատրաստ ըլլալ հիմնական փոփոխութեանց։

Այս հիմնական սկզբունքներէն մեկնելով, որպէս առաջնահերթութիւն, Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց վեց մարզեր, որոնց մէջ վերակազմակերպումը, վերաքննութիւնը ու վերարժեւորումը հրամայական են.-

1) Կրթական ոլորտ։ Հայոց Հայրապետը հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ մեր վարժարաններու աշակերտութեան թիւը չի համապատասխաներ մեր գաղութի թիւին եւ ինչո՞ւ հայ աշակերտներուն կարեւոր մէկ մասը օտար վարժարան կը յաճախէ։ Հարկ է կրթական պատասխանատուները քննեն այս օրակարգը եւ ճիշդ ձեւով ախտաճանաչում կատարեն։ Մեր մօտեցումը զգացական կամ տեսական պէտք չէ ըլլայ, այլ  կրթական մարմիններն ու պատասխանատուները պէտք է բազմազան «ինչո՞ւ»ներու ճշգրիտ պատասխանը գտնեն։

2) Քաղաքական բնագաւառ։ Հայոց Հովուապետը շեշտեց, որ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը պէտք է վերականգնի եւ մէկ համախմբում ունենայ, որպէսզի մեր համայնքին նաեւ քաղաքական իրաւունքները պաշտպանուին։ Քաղաքական մարզը խիստ կարեւոր ու հրատապ օրակարգ համարելով, ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ քաղաքական կեանքէն ներս նահանջ պիտի արձանագրենք. ինչո՞ւ մեր համայնքը ներկայացնող երեսփոխանները եւ նախարարները արժանաւոր, որակաւոր ու փորձառու անհատներ պիտի չըլլան։

3) Հոգեւոր կեանք։ Հայրապետը ընդգծեց, որ պէտք է վերաշխուժացնել լիբանանահայ համայնքին հոգեւոր կեանքը։ Եկեղեցւոյ վերանորոգումը, վերակազմակերպումը հոգեւորականէն կը սկսի։ Պէտք չէ սպասել, որ ժողովուրդը եկեղեցի գայ, այլ եկեղեցին, հոգեւորականին ճամբով, պէտք է ժողովուրդին տանիլ Ուստի, հոգեւորականներու պատրաստութիւնը էական է Լիբանանի մէջ եւ նաեւ բոլոր գաղութներէն ներս։ Ան յիշեցուց, թէ հայութեան համար եկեղեցին միայն աղօթքի  վայր չէ եղած, այլեւ ազգային ծառայութիւն ու առաքելութիւն է։

4) Կազմակերպչական վիճակ։ Նորին Ս. Օծութիւնը ըսաւ, որ մեր կառոյցները այլեւս չեն կրնար աւանդական, հին մտայնութեամբ, հին օրակարգերով եւ կանոնագրութիւններով շարժիլ, որովհետեւ ընկերութեան պայմանները փոխուած են։ Ան շեշտեց, որ անպայմանօրէն պէտք է անցեալի փորձառութենէն օգտուիլ, սակայն միշտ գիտակցելով, թէ անցեալը չենք կրնար ապրիլ ներկային մէջ։ Գաղութի մը վերակազմակերպումը կը սկսի իր կառոյցներէն եւ հսկայ ընելիք կայ այս ուղղութեամբ, ըսաւ Վեհափառը։

5) Երիտասարդութիւն։ Ինչպէս իր պատգամներուն մէջ յաճախ կը շեշտէ ու յիշեցնէ, այս անգամ եւս Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ երիտասարդութիւնը մեր ապագան չէ միայն, այլեւ մեր ներկան իսկ է։ Ան իր խոր մտահոգութիւնը արտայայտելով՝ հարց տուաւ ներկաներուն, թէ ինչո՞ւ երիտասարդութեան կարեւոր մէկ մասը մեր ազգային ու եկեցական կեանքէն հեռու է։ Երիտասարդներուն հետ պէտք է երկխօսութիւն ստեղծել եւ զիրենք ներառել մեր կեանքի ու աշխատանքի բնագաւառներէն ներս, այլապէս, ներկայ աշխարհի ունեցած գրաւիչ երեւոյթներէն տարուելով, անոնք միանգամընդմիշտ կը հեռանան մեզմէ։

6) Մարդուժ։ Վեհափառ Հայրապետը նկատել տուաւ, որ մարդուժի պակաս կայ ամէն տեղ եւ մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս եւ ասիկա համասփիւռքեան երեւոյթ է։ Այս առիթով, ան յայտնեց, թէ յառաջիկայ տարի, Հայրապետական հռչակագիրով, պիտի հռչակէ մարդուժի պատրաստութեան տարի։ Ասոր լոյսին տակ, ան դիտել տուաւ երկու հիմնական երեւոյթներ, որոնք կարեւորութեամբ նկատի պէտք է առնուին.-

ա) մեր կեանքէն հեռացած մարդուժ կայ. անձեր, որոնք մեր կեանքին լուսանցքին վրայ են, դիտողի դերին մէջ են միայն եւ մասնակից չեն մեր հաւաքական կեանքին։ Բնականօրէն, կան նաեւ այնպիսիք, որոնք մեր կեանքէն բոլորովին հեռացած են։

բ) Մեր կարիքները այնքան բազմազան ու այլազան են այսօր, որ մեր ունեցած մարդուժը այլեւս բաւարար չէ։

Ուստի, Արամ Ա. Կաթողիկոսը թելադրեց, որ լրջօրէն մտածուի մարդուժի պատրաստութեան անհրաժեշտութեան մասին եւ աւելցուց, որ մարդուժի պատրաստութեան հիմնական յենարաններն են ընտանիքը, դպրոցը, եկեղեցին, մեր կազմակերպութիւնները, հայագիտական դասընթացքներու հիմնարկները եւ մանկավարժական կեդրոններն են։

Վերակազմակերպումի աշխատանքին առաջին քայլը ինքնաքննութիւնն է, շեշտեց Հայրապետը։ Հետեւաբար, ինչպէ՞ս կարելի է զայն իրականացնել իրապաշտ մօտեցումով եւ ապա փորձել նաեւ դուրս գալ ինքնակղզիացումէ, ինքնակեդրոն ու ինքնաբաւ գոյավիճակէ եւ ձգտիլ մեր գաղութն ու կառոյցները մղել վերակազմակերպումի անյետաձգելի հրամայականին։ Ահա, այս ակնկալութեամբ պէտք է ախտաճանաչումը ճիշդ կատարենք, այնուհետեւ, առաջնահերթութիւնները յստակեցնել, աշխատանքային ընթացքը ծրագրաւորել եւ ապա գործընթացը ճշդել։

Եզրափակելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը վստահեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պատրաստ է ամէն գնով եւ բոլոր հնարաւորութիւններով սատար հանդիսանալու ու նեցուկ կանգնելու մեր գաղութներու վերակազմակերպան աշխատանքներուն։

Հաւաքը փակուեցաւ Հայոց Հայրապետին «Պահապանիչ» աղօթքով։

The post Միասնականությունը մեր ազգի կյանքում պետք է դառնա մնայուն ընթացք, որակ, ուղղություն և նպատակ․ Արամ Ա appeared first on ԳԱԼԱ.







Ежегодная церемония вручения Всероссийской премии Евгения Зубова прошла в библиотеке Видного

Профилактический рейд по противопожарной безопасности прошел сегодня в Ленинском округе

США и Европа "подготавливают" Россию и Ближний Восток для переселений?!

В Подмосковье сотрудники Росгвардии спасли пожилого мужчину, который оказался один дома и плохо себя почувствовал


Бурятский Театр кукол Ульгэр в Улан-Улан-Удэ показал в Этнографическом музее народов Забайкалья перед детьми и родителями в семейный праздник сказку Колобок - Новости и Культура, Дети и Россия

Приглашенные солистки выступят в опере «Руслан и Людмила»

Жители Барнаула помогут сделать родной город чище

Новая коллекция ювелирных украшений Louis Vuitton


Watch awkward moment baffled French Open teen is ‘teleported’ into Eurosport studio for live TV interview

Andy Murray cracks brutal joke as Brit star’s Wimbledon preparations are disrupted by bizarre injury 

Walmart adds employee bonus for hourly US workers

Big 12 commissioner Brett Yormark addresses Arizona Board of Regents, asks for continued investment in athletics


Трасса М-12 Восток будет продлена до Тюмени в 2025 году

Бурятский Театр кукол Ульгэр в Улан-Улан-Удэ показал в Этнографическом музее народов Забайкалья перед детьми и родителями в семейный праздник сказку Колобок - Новости и Культура, Дети и Россия

Филиал № 4 ОСФР по Москве и Московской области информирует: В Московском регионе более 62 тысяч семей распорядились материнским капиталом через банки

Ученые нашли «выключатель» болезни Паркинсона


I tried to recreate Marvel's Iron Man in this movie studio sim, and my version was so bad my own father stormed out of the theater

How to watch the 2024 PC Gaming Show: our 10th annual summer showcase

Показ геймплея тактики SteamWorld Heist II

Concord is skipping free-to-play and pulling a Helldivers 2 instead: $40 for the full game with all 16 heroes at launch



Суд проведет слушание дела о взятках генералов Петербурга 20 июня в Москве

США и Европа "подготавливают" Россию и Ближний Восток для переселений?!

Об отношении к русским в Азербайджане

В ПРЕДДВЕРИИ ДНЯ РОССИИ РОСГВАРДЕЙЦЫ ПРОВЕЛИ ПРАЗДНИЧНОЕ МЕРОПРИЯТИЕ ДЛЯ ДЕТЕЙ


Закрытие границ России и Финляндии: Как это отразилось на простых финнах?

В ПРЕДДВЕРИИ ДНЯ РОССИИ РОСГВАРДЕЙЦЫ ПРОВЕЛИ ПРАЗДНИЧНОЕ МЕРОПРИЯТИЕ ДЛЯ ДЕТЕЙ

В Москве прошёл спортивный праздник для росгвардейцев

Астраханцам вновь отключат горячую воду


«Беспощадный бунт»: Хазин объяснил, что ждёт Путина без масштабной зачистки элиты

В Москве прошёл спортивный праздник для росгвардейцев

Ня, кавай! В Ульяновск съехались косплееры со всей страны

Как яицкие казаки помогли строительству крепости Самара и за что воевода Засекин казнил атамана Мещеряка. Часть 1


Теннисист Медведев снялся с турнира ATP в Нидерландах из-за травмы

Зверев вышел в финал «Ролан Гаррос»

«Янника Синнера очень рано сравнивать с Роджером Федерером» // Тренер мужской сборной России по теннису Игорь Куницын — о главных событиях Roland Garros

Семнадцатилетняя Андреева впервые сыграет в полуфинале турнира Большого шлема


Травматолог Эфендиев перечислил препятствующие укреплению костей продукты

В Москве прошёл спортивный праздник для росгвардейцев

Как яицкие казаки помогли строительству крепости Самара и за что воевода Засекин казнил атамана Мещеряка. Часть 1

Красноярцы стали гораздо чаще путешествовать самолётами


Музыкальные новости

В Академическом открылась Школа джазовой импровизации Игоря Бутмана

Приглашенные солистки выступят в опере «Руслан и Людмила»

В Тургиново состоялся первый концерт Всероссийского фестиваля-марафона «Песни России» Надежды Бабкиной

Сорвавший концерт Макаревича активист служит с позывным «Макаревич»


США и Европа "подготавливают" Россию и Ближний Восток для переселений?!

СОТРУДНИКИ СОБР «СТОЛИЦА» СТАЛИ ИНСТРУКТОРАМИ НА СБОРАХ ПО БЕСПАРАШЮТНОМУ ДЕСАНТИРОВАНИЮ СПЕЦНАЗОВЦЕВ РОСГВАРДИИ В ВОРОНЕЖСКОЙ ОБЛАСТИ

В ПРЕДДВЕРИИ ДНЯ РОССИИ РОСГВАРДЕЙЦЫ ПРОВЕЛИ ПРАЗДНИЧНОЕ МЕРОПРИЯТИЕ ДЛЯ ДЕТЕЙ

Суд проведет слушание дела о взятках генералов Петербурга 20 июня в Москве


В Подмосковье сотрудники Росгвардии спасли пожилого мужчину, который оказался один дома и плохо себя почувствовал

Об отношении к русским в Азербайджане

На пленарном заседании ПМЭФ-2024 Владимир Путин дал оценку состояния российской экономики и обозначил ориентиры на будущее

«В девять лет я уже был очень любвеобильным». Актер Михаил Богдасаров вспомнил детство в шоу «Вкусно с Анфисой Чеховой» на ТВ-3  


В Москве 14-летний мальчик ранил ножом 16-летнего юношу на футбольном поле

Прокуратура показала фото с места посадки самолета на трассе в Лыткарине

В Москве на Новорязанском шоссе столкнулись микроавтобус и грузовик

Асфальтирование пешеходных дорожек Санкт-Петербург


«Всуе не упоминать!»: Путин на ПМЭФ остудил ядерные фантазии и вспомнил Сталина

Путин после действий Байдена: в ядерную доктрину России могут быть внесены изменения

Путин: в ядерную доктрину РФ могут быть внесены изменения

Путин: Москва оставляет за собой право поставок вооружения партнерам


Вирус эволюционирует: почему рано называть COVID-19 сезонным заболеванием


Гражданку Кыргызстана арестовали по обвинению в угрозах судье и прокурору, отправившим за решетку Навального


В центральный аппарат ведомства будет доложено о ходе расследования уголовного дела по факту умышленного причинения тяжкого вреда здоровью несовершеннолетнему в Москве

Вирус эволюционирует: почему рано называть COVID-19 сезонным заболеванием

Источник 360.ru: игрушка в туалете спровоцировала эвакуацию поликлиники в Москве

Аллерголог Зайцева рассказала, как проявляется аллергия на солнечный свет



Более 1 тыс человек стали участниками циркового шествия на выставке «Россия»

«Локомотив» готов рассмотреть продажу Баринова, футболистом интересуются клубы Испании, Франции и Турции

В Москве 14-летний мальчик ранил ножом 16-летнего юношу на футбольном поле

Что можно отметить в этот день



Мэр Москвы поздравил социальных работников с их профессиональным праздником

Собянин: Благодаря модернизации театры Москвы создают уникальные декорации

Собянин: В Москве ведется активная замена инженерных сетей в рамках реновации

Собянин: Москва подписала ряд крупных соглашений на Петербургском форуме


В Москве проходит акция по безопасному использованию СИМ

Байрактар: Турция и Россия определили дальнейшие шаги по проекту "газового хаба"

На ПМЭФ-2024 Краснодарский край подписал 40 протоколов на 272 млрд рублей

Суд отправил под арест подозреваемого в убийстве пенсионера в парке Москвы


В Москве прошёл спортивный праздник для росгвардейцев

Глава СК Бастрыкин пообещал защитить гаишника Гусева от диаспоры и МВД Новосибирска

Ня, кавай! В Ульяновск съехались косплееры со всей страны

СМИ: Жителей подмосковных Люберец напугала запущенная с земли пиротехника


Торговые настольные электронные весы CAS PR-15P

Минфин Архангельской области оценил муниципалитеты по уровню качества организации и осуществления бюджетного процесса

Россия, Новости, Культура, Театр, Дети: Радость, которую приносит Госцирк Бурятии

В Пулково задерживаются шесть рейсов


В Крыму детей будут учить играть в шахматы с детского сада

Глава Росавиации рассказал о перспективах открытия аэропорта Краснодара

Глава Росавиации: возобновление работы закрытых с начала СВО аэропортов пока не ожидается

Литературно-краеведческий коллаж «Мир добрых сказок и стихотворений – все это Пушкин, наш великий гений!»


Ня, кавай! В Ульяновск съехались косплееры со всей страны

В Москве прошёл спортивный праздник для росгвардейцев

Еще один житель Ульяновской области погиб в зоне СВО

ВОЗ рассказала о новой возможной пандемии «болезни X»














СМИ24.net — правдивые новости, непрерывно 24/7 на русском языке с ежеминутным обновлением *