Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը եւ Աստուածայայտնութեան տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Արդարեւ, Երեքշաբթի, 6 Յունուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, կատարեց Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ համայն հայութեան յղեց իր հայրապետական պատգամը: Սուրբ