Արարողութիւնը պատրաստուած էր հայ եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութենէն եւ այլ արարողութիւններէ քաղուած աղօթքներով ու շարականներով: Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները հերթաբար ընթերցեցին աղօթքներ եւ բարձրացուցին հաւաքական մաղթանքներ՝ հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը՝ աշխարհի խաղաղութեան եւ եկեղեցիներու մերձեցման համար։