Գործակցութիւնը եկեղեցիներու միջեւ հրամայական է, յատկապէս ներկայ տագնապալից ժամանակներուն. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ
Ապու Տապի այցելութեան իր առաջին օրը՝ Երկուշաբթի, 22 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ուղղեց Ապու Տապիի մէջ գումարուող Ծոցի շրջանի եկեղեցիներու խորհուրդի համագումարին: Համագումարի կեդրոնավայրին մէջ պաշտօնական ընդունելութենէ ետք, Ծոցի եկեղեցիներու խորհուրդի ատենապետ Մակարիոս Արքեպիսկոպոսը ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը: Ան ըսաւ, թէ Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան 50 տարիներ ո՛չ միայն մաս