Նոր Սարդարապատ՝ այս անգամ Ոսկեպարի շուրջ. «Հայրենիք»
Միշտ ալ հոծ բազմութիւն մը իբրեւ ուխտապահ կ՛այցելէ Ծիծեռնակաբերդ եւ կը խոնարհի անմար կրակին առջեւ։ Մեծ է թիւը նաեւ միւս «յուշահամալիր»-ը այցելողներուն: Հոն, Երեւանի հարաւային մէկ բլուրին վրայ տարուէ տարի ծաւալող այդ «համալիր»-ը խիտ բնակուած է անշունչ բայց ոգեշնչող քաջերով: Կը կոչուի Եռաբլուր: Չափազանցութի՞ւն պիտի ըլլայ, եթէ պահ մը Սիամանթոյի գրիչէն ծորած տող մը գողնալով՝